2015-02-03 08:41:04

Յիսուսեան հայր Ղասան` Հալէպի մէջ, քրիստոնեաներու հաւատքը աւելի հզօր է քան որեւէ բռնութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մէջ կառավարական ոյժերու ու ծայրայեղ մահմետականներու միջեւ բախումները ներկայիս աւելի վատթարացած են քան երբեք։ Իսլամ պետութեան ռազմիկները պարտադրած են Հալէպի մօտ գտնուող քրիստոնեայ գիւղի բնակիչներուն վար առնելու եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ բարձրացող խաչը։ Այս դէպքին մասին արտայայտուելով Յիսուսեան հայր Ղասան Սահուի ըսաւ. ''Բռնութիւնը կարող է ջնջել այն ինչ որ տեսանելի է, կարող է պարտադրել վար առնելու եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ բարձրացող խաչը, սակայն ի վիճակի չէ ջնջել այն ինչ որ պահուըտած է սրտին մէջ։ Կարելի չէ ջնջել հաւատք մը։ Այս է քրիստոնեաներուն ճշմարիտ զօրութիւնը, երկրի մը մէջ ուր կը տիրէ անիշխանութիւնը։ Մխիթարական է տեսնել ողբերգական եղելութեան մը առջեւ քրիստոնեաներ` հակառակ պէսպէս դժուարութիւններու ու հալածանքներու, որոնք տակաւին ամուր կառչած են իրենց հաւատքին, որովհետեւ քրիստոնեան ամբողջական գիտակցութիւնը ունի որ կեանքը Աստուծոյ ձեռաց մէջ է։ Քրիստոնեաները առանց խտրութեան իրարու կ’օգնեն եւ օգնութեան կը հասնին իսլամներուն, որովհետեւ կարեկցութեան ոգիով կ’ապրին զօրակցութիւնը, տառապանքը, հետեւաբար կ՛աշխատին մէկը միւսին օգտակար դառնալու'' հաստատեց Հայր Ղասան։








All the contents on this site are copyrighted ©.